Անցնող 3 տարին ծանր էր ընդհանարապէս աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանի համար:
Covid-19-ի ստեղծած խուճապէն անմասն չմնաց նաեւ Օղակ ՀԿ-ն: Համաճարակի օրերուն, մօտաւորապէս 8 ամիս, Օղակ պարտադրաբար փակեց իր դռները, սակայն աշխուժ մնաց կազմակերպութեան դիմատետրի էջը, ուր առօրեայ դրութեամբ տեղադրուեցան կարեւոր եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, տեղեկութիւններ, մարզական վիտէօ-երիզներ: Համաճարակի ընթացքին Օղակ նաեւ իր օժանդակութիւնը ցուցաբերեց շրջանի կարօտեալ ընտանիքներուն, Ինֆեկցիոն Հիւանդանոցին, Տարեցներու Տան:












Համաճարակի այս իրավիճակին վրայ եկաւ աւելնալու Արցախի պատերազմը իր բոլոր արհաւիրքներով: Առաջին իսկ օրէն Օղակ վերաբացաւ իր դռները, օգտակար հանդիսանալու իր տեղահանուած հայրենակիցներուն՝ բնակարաններու տրամադրումով, սնունդով, աշխատանքով, դեղօրայքով, առողջապահական իրերով, հագուստով, հոգեբանական խորհրդատուութեամբ ու թատերական եւ նկարչութեան բուժական աշխատանքներու միջոցով: Համագործակցութեամբ Երեւանի Քաղաքապետարանին եւ Նորք-Մարաշ Վարչական Շրջանի Թաղապետարանին, Օղակ իր օժանդակութիւնները հասցուց զինուորներուն (սնունդ, ուսապարկ, մաքրութեան իրեր, քնապարկ, անձրեւանոց): Այս բոլորը կարելի դարձաւ Օղակի անդամներուն անխոնջ աշխատանքին եւ մեր Սփիւռքահայ հայրենակիցներու նուիրատւութիւններուն շնորհիւ: Օժանդակութիւնները երկարեցան 2020-2022 տարիներուն, որոնց ընթացքին Արցախցի երեխաներուն նուիրուեցան Ամանորի նուէրներ եւ կազմակերպուեցան հաճելի անակնկալներ: