Որեւէ աշխատանք, որ չ՛իրականանար խմբային ճիգով ու համագործակցութեամբ, կը դառնայ անիրականանալի կամ թերի: Օղակ ՀԿ-ն առաջին օրէն իսկ ձեռք երկարած է եւ վերցուցած այն ձեռքը, որ երկարած է իրեն: Մենք հպարտ ենք մեր համագործակցութիւններով եւ շնորհակալ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին մեր ծրագիրներուն իրականացումը եւ մասնակից դարձան մեր յաջողութիւններուն: Մենք հպարտ ենք մեր համագործակցութիւններով եւ շնորհակալ բոլոր անոնց, որոնք կարելի կը դարձնեն մեր ծրագիրներուն իրականացումը եւ մասնակից դարձան մեր յաջողութիւններուն:
Մենք մեր գործընկերներուն հետ ունինք տարբեր տեսակի աշխատակցութեան փորձեր. հովանաւորւթիւն՝ ինչպէս All Armenian Fund-ի Սրբուկ Սարգիսեան-ի shelter ծրագիրի իրականացման շրջանակներուն մէջ բռնութեան կանխարգիլման դասախօսութիւններու կազմակերպում, թմրանիւթերու դէմ արշաւ իրականացնող կազմակերպութեան հետ թմրանիւթերու դէմ արշաւի ձեռնարկ, տարբեր դպրոցներու մէջ մասնագիտական աշխատանիստերու կազմակերպում, սեմինարներու մասնակցութիւն եւ այլն: Մեր գործընկերները, ըլլան անոնք անհատներ թէ կազմակերպութիւններ, կը հարստացնեն մեզ։
Բոլորին շնորհակալ ենք: