Դասընթացքներ

Դասընթացքներ

Օղակ ՀԿ-ն իր առաքելութեան իրականացման եւ տեսլականին հասնելու համար կը կազմակերպէ այլազան դասընթացքներ, որոնք Օղակի անդամները կ՛օժտեն զանազան հմտութիւններով եւ կարելիութիւնը կը ստեղծեն, որ անհատը  բացայայտէ իր նախասիրած ոլորտը եւ դառնայ հմուտ տուեալ ոլորտին մէջ:

Օղակ-ի աշխատանքներուն կրնաք մասնակից դառնալ՝ հովանաւորելով որեւէ դասընթացք, որ կրնայ կազմակերպուիլ Օղակի միջոցով եւ յատուկ նշանակութիւն ունի ձեզի համար:

Իւրաքանչիւր դասընթացք կը բաղկանայ 8, 12 կամ 15 դասաժամէ, իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի համար (Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր, Յունուար-Մայիս

15 դասաժամի հովանավորութիւն
375 ԱՄՆ Տոլար
12 դասաժամի հովանավորութիւն
300 ԱՄՆ Տոլար
8 դասաժամի հովանավորութիւն
200 ԱՄՆ Տոլար
Եթէ նման օժանդակութիւն կատարելը կը համահունչ է ձեր բարեսիրական նպատակներուն իրականացման հետ, կը խնդրենք սեղմել «Աջակցեցէ՛ք» կոճակը եւ ամբողջացնել նուիրատուութեան տուփիկը։

Անգլերէն լեզուի դասընթացքներ

Դասատուներ՝

Գոհար Աբովեան, Մարօ Շորճեան, Փասքալ Թորիկեան

Անգլերէն լեզուի դասընթացքներու հիմնական նպատակը դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ փոխանցումն է լեզուի իմացութեան, որ պիտի նպաստէ մասնակիցին բազմակողմանի զարգացման: Անգլերէն լեզուի իմացութիւնը ամէնէն փնտրուած հմտութիւններէն է աշխատանքային եւ կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ: Անգլերէն լեզուի իմացութիւնը աշխատանքային ասպարէզի, ինչպէս նաեւ շատ այլ կացութիւններու մէջ ամէնէն շատ փնտրուած գիտելիքներէն մէկն է, որմէ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ սերունդներ զրկուած եղած են։

Դասընթացքները բաժնուած են երեք մակարդակի. իւրաքանչիւր մակարդակ ունի երկու բաժին՝ բաղկացած 15 դասաժամէ: Մէկ տարեշրջանը բաղկացած է երկու ուսումնական շրջանէ (սեպտեմբեր-դեկտեմբեր, փետրուար-մայիս)։ Իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանին կը կազմակերպուին տարբեր մակարդակներու դասընթացքներ՝ ըստ անհրաժեշտութեան: Դասերու աւարտին, քննութենէ ետք, մասնակիցը կրնայ անցնիլ յաջորդ մակարդակ: Իսկ երբ մասնակիցը բոլոր մակարդակները յաջողութեամբ աւարտէ եւ փափաքի աւելի զարգացնել իր լեզուական հմտութիւնները, Օղակը գոհացում կուտայ անոր այդ փափաքին՝ ստեղծելով հնարաւորութիւններ: Անգլերէն խօսակցական դասընթացք կը կազմակերպուի տարեշրջանի աւարտին՝ յունիս եւ յուլիս ամիսներուն:

Եոկա, fitness, Զումպա, Պար

Դասատուներ՝

Եոկա` Ալին Թովմասեան – fitness եւ Զումպա՝ Նայիրի Սիսեռեան – Փոքրերու Պար՝ Մոնիքա Սոսեան

Իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի համար (Սեպտեմբեր-Դեկտեմբեր, Փետրուար-Մայիս) այս դասընթացքները կը բաղկանան 12 դասաժամէ, որուն ընթացքին մասնակիցները առիթ կ՛ունենան շաբաթական մէկ ժամ կտրուելու իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ կեդրոնանալու իրենց առողջութեան, գոհունակութեան ու անձնական զարգացման վրայ: Հայաստանի մէջ յաճախադէպ են ապառողջ կենսաձեւի հետեւանքով յառաջացած հիւանդութիւնները։ Եոկան, fitness-ը, զումպան եւ պարը առիթ կու տան ամէն տարիքի կիներու՝ թօթափելու իրենց ապառողջ սովորութիւնները եւ միջոց կը ստեղծեն՝ հետեւելու առողջախնդիր կենսաձեւի:

Արուեստ

Դասատուներ՝

Անահիտ Ղազարեան, Արեւիկ Առաքելեան և Աննա Աթաբէկեան

Նկարչութիւն, կերպասի վրայ նկարչութիւն (batika), տիկնիկագործութիւն, իրերու յարդարանք. այս դասընթացքները ընդհանրապէս 12 կամ 8 դասաժամի մէջ կ՛ամփոփուին եւ տեղի կ՛ունենան մէկ եռամսեակի ընթացքին: Անոնք առիթ կ՛ընծայեն, որ մասնակիցը հմտանայ իր ընտրած մարզին մէջ, կարողանայ ստեղծագործել եւ իր հմտութիւնը օգտագործէ իր առօրեային մէջ: Դասերը կ՛օգնեն նաեւ հոգեկան խաղաղութեան ամրապնդման:

Կար ու Ձեւ

Դասատու՝

Յասմիկ Պաղտասարեան

Կար ու ձեւի դասընթացքը կը բաղկանայ 18 դասաժամէ, որուն ընթացքին մասնակիցները ձեռք կը բերեն կար ու ձեւի գաղտնիքները, կը խորացնեն եւ գործնական աշխատանքով կ՛ամրապնդեն իրենց գիտելիքները:

Խոհանոց եւ Խոհարարական Արուեստ

Դասատուներ՝

Սալբի Աբէլեան, Խոսրովիդուխտ Սէյրանեան

Ճաշի եւ կարկանդակի պատրաստութիւն, սեղանի յարդարում. Կը տրամադրուի 8 դասաժամեր, որոնց ընթացքին տեղի կ’ունենան թէ՛ տեսական եւ թէ՛ գործնական դասեր: Իսկ իւրաքանչիւր դասի աւարտին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ մասնակիցները կը համտեսեն իրենց պատրաստած ուտելիքները:

Դիմայարդարում, Վարսայարդարում, Մաշկի Խնամք

Դասատու՝

Լուսինէ Սարգսեան, Նանո Եղիազարյան

Դասընթացքները կը բաղկանան ութ դասաժամէ՝ մէկ եռամսեակի վրայ երկարող: Դասընթացքը կը ներառէ մաշկի մաքրութեան, շպարի եւ վարսայարդարման գիտելիքներ եւ հմտութիւններ: Դասընթացքներու աւարտին, դասատուին հետ խորհրդակցաբար, կը յանձնուին մասնակցութեան վկայականներ: