26 Մարտ եւ 1 Ապրիլ 2023-ին, Արագածոտն մարզի Թալին քաղաքի Մելանքթոն Արսլանեան Առաջին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիներու հզօրացում» խորագրով աշխատանքային հանդիպում-արհեստանոց մը, որուն մասնակցեցան Թալինէն եւ շրջակայ գիւղերէն աւելի քան երեսուն կին։ Հանդիպումը իրականացաւ համագործակցութեամբ Թալինի քաղաքապետարանին եւ հովանաւորութեամբ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին,
Արհեստանոցին ընթացքին մատուցուեցան անհատական աճի, ծնողավարութեան եւ ընտանեկան բռնութեան մասին դասախօսութիւններ։ Աշխատանքին աւարտին մասնակիցները ստացան համապատասխան հաւաստագիրներ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Օղակի բարեկամներուն, որոնց հովանաւորութեան շնորհիւ կարելի եղաւ կազմակերպել այս աշխատանոցը։