Ձեռային Աշխատանք
Օղակի առաքելութեան մաս կը կազմէ ձեռային աշխատանքներու եւ ազգային ասեղնագործութեան ուսուցումը, որպէս միջոց զբաղումի, հանգստանալու եւ արժանապատիւ ձեւով ապրուստ ապահովելու: Այս ծիրին մէջ Օղակի ձեռային աշխատանքի խմբակը տարիներու ընթացքին ձեռք բերաւ մասնագիտական աշխատանքի հմտութիւններ։ Ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց յաջողութիւնը նպաստած է յաւելեալ պրպտումներու եւ ստեղծագործական աշխատանքի զարգացման: Ձեռային աշխատանքները քաջալերելով՝ դուք ոչ միայն առիթը պիտի ունենաք ապահովելու այս կարեւոր աշխատանքին շարունակականութիւնը, այլեւ պիտի վայելէք հայ կնոջ ձեռքի գոհարները, իսկ ազգային ասեղնագործութեան նմուշները, մեր առօրեայ գործածութեան մէջ մեզի պիտի յիշեցնեն մեր հարուստ մշակոյթը, որուն կենսունակութիւնը ապահովելը կը մնայ բոլորիս պարտաւորութիւնը:




















Ձեռային Աշխատանքի Խմբակ
Ձեռային աշխատանքի խմբակը կը կազմակերպուի ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին, շաբաթական մէկ հանդիպումներով, որոնց ընթացքին կը կատարուին գործնական աշխատանքներ, կը ստեղծագործուին նոր իրեր, որոնք կը ստանան իրենց վերջնական տեսքը եւ պատրաստ կը դառնան վաճառքի:
Ազգային Ասեղնագործութեան Դասեր
Ազգային ասեղնագործութեան (Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա, Սվազ) տարբեր ձեւեր կ՛ուսուցուին Օղակէն ներս: Այս ասեղնագործութեան նախշերը կը զարդարեն նաեւ մեր ցուցահանդէսները զարդարող տարբեր իրերը:





Տարեկան Ցուցահանդէսներ
Ձեռային աշխատանքներու եւ ազգային ձեռագործութեան խմբակներու աշխատանքները հանրութեան կը ներկայացուին տարեկան ցուցահանդէսներու ընթացքին: Ցարդ կազմակերպուած են հետեւեալ ցուցահանդէսները.

Պէյրութ
2016, 2017, 2019

Լոս Անճելոս
2018


Երեւան
2017, 2018, 2021
