Շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2023-ին, Armenian International Women’s Association-ի (AIWA) հրաւէրով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանի մէջ գործող մարդասիրական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ ՀԿ-ներու միջեւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Օղակ ՀԿ-ն։
Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր քննարկել Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն հետ կապուած կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրները եւ առաջարկները, ինչպէս նաեւ համախմբել տարբեր աշխատող ուժեր, օգտուիլ մէկը միւսին փորձառութենէն, ծանօթանալ եւ համակարգել աշխատանքները։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր AIWA-ի ղեկավարութեան Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ։