2025-ի ապրիլ ամսուան ընթացքին (ապրիլ 7, 14, 23, 28) «Օղակ» ՀԿ-էն ներս կազմակերպուեցաւ Հոգեբանական առաջին օգնութեան (PFA) 5-րդ դասընթացքը, որուն մասնակցեցան 18 անհատներ։ Ներկայացուեցան 10 տարբեր նիւթեր։ Իւրաքանչիւր նիւթէ ետք, մասնակիցները առիթ ունեցան դիտելու Հոգեբանական Առաջին Օգնութեան վերաբերեալ յատուկ ֆիլմէն հատուած մը։ Ֆիլմը պատրաստուած էր 2020-ին «Օղակ» ՀԿ-ի կողմէ, մասնակցութեամբ հայրենի վաստակաւոր դերասաններու եւ հովանաւորութեամբ Հայաստան համահայկական Հիմնադրամի։ Աշխատանիստերու աւարտին, քննութենէ եւ գործնական աշխատանքի մասնկացութենէ ետք, ներկաները ստացան համապատասխան հաւաստագիրներ։
Շնորհակալութիւն մեր հովանաւորին։