Յուլիս ամսուան ընթացքին Օղակ ՀԿ-ն կը գործէ ամառնային ժամանակացոյցով։ Կեդրոնը բաց է առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00։ Նախատեսուած են եոկայի, fitness-ի, ձեռային աշխատանքի եւ փոքրերու յատուկ պարի դասեր։ Այս ամսուան ընթացքին նաեւ փափաքողները կրնան դիմել հոգեբանական խորհրդատուութեան՝ նախապէս հեռաձայնելով կեդրոն։