Ուրբաթ, 4 ապրիլ 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ մասնակիցներու եւ հայ-ամերիկեան Առողջութեան կեդրոնի բժիշկ Լիլիթ Կարապետեանի եւ կեդրոնի հանրային կապերու պատասխանատու Մարի Ղազարեանի միջեւ հանդիպում մը։ Բժշկուհին եւ հանրային կապերու պատասխանատուն մանրամասն բացատրեցին հետազօտման ընթացքը, պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն եւ հետազօտման օրուան հետ կապուած հարցերուն։
Արշաւը նախատեսուած է Ապրիլ 8-էն 15։
Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նպաստեցին որ այս արշաւի իրականցման։