Յունիս 11-էն 13 Նորվեկիոյ Սթավանկար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2025 թուականի
World Anti-Bullying Forum-ը։ Այս Forum-ին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Օղակ»-ի հիմնադիր Վերա Սիսեռեան եւ համահիմնադիր Գոհար Գանտահարեան։ Forum-ին կը մասնակցէին 50 տարբեր երկիրներէ աւելի քան 750 մասնակիցներ։
Մասնակցեցան ոլորտին մէջ հեղինակաւոր մասնագէտներ որպէս գլխաւոր դասախօսներ։ Իսկ symposium-ի ընթացքին հետազօտողներ ներկայացուցին իրենց նորագոյն ուսումնասիրութիւնները, եւ կատարուեցան «bullying»-ի առնչուած գործնական աշխատանոցներ։
Bullying-ը այսօր կը համարուի մտային առողջութիւնը խաթարող վարքագիծ։ Աշխարհի մէջ 3 աշակերտներէն 1-ը զոհ կը դառնայ bullying-ի եւ կը տառապի անոր հետեւանքներէն՝ անձկութիւն, ընկճուածութիւն, ցած ինքնարժեւորում, դպրոցական դժուարութիւններ, առողջական հարցեր, անձնասպանական միտքեր, թմրանիւթերու գործածութիւն, ոճրագործութիւն։ Այս Forum-ին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ cyberbullying-ի վրայ, որ համատարած է եւ 24/7 դրութեամբ կրնայ թիրախին կեանքը դժոխքի վերածել։ Խօսուեցաւ նաեւ դիտորդներու դերին կարեւորութեան եւ այս գծով ճիշդ դաստիարակութեան վրայ։
Հետաքրքրական էր, որ Forum-ին ներկայացուեցաւ ցեղասպանութիւնները որպէս bullying-ի ծայրայեղ օրինակներ։ Այս նիւթը ներկայացուց Պարպարա Քոլորոսօ, որուն «Extraordinary Evil: A Brief History of Genocide» գիրքը կը խօսի երեք ցեղասպանութիւններու մասին, ներառեալ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Bullying-ի ծանրագոյն օրինակ եւ դիտորդները կը համարէ որպէս ոչ-անմեղ մասնակիցներ։