Օղակ ՀԿ-ն մեծ աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր դասախօսութիւններու ծրագիրը։ Այս ծիրէն ներս, ուրբաթ, 9 Փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Օղակի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական եւ ծնողական թեմայով այլ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը՝ մանուկներու ու փոքրիկներու զարգացման առողջ ընթացքը չափող Bailey test-ի մասին։
Օրուան դասախօսն էր Armenian Volunteer Corps-ի կամաւոր, հոգեբան Իզապէլ Հայրապետեանը, որ ներկայացուց Bailey test-ի ծագումին, կարեւորութեան, ենթատեսակներուն եւ test-ը կատարելու ընթացքին մասին կարեւոր ու օգտակար նիւթեր։ Իրենց աշխուժ մասնակցութեամբ ու հարցումներով ներկաները առիթ ստեղծեցին, որ բազմաթիւ կէտեր աւելի խորապէս քննարկուին։

