Օղակ ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ Մարտ 22-ին սկիզբ առաւ Արշալոյս Տարեճեանի յիշատակին նուիրուած կար ու ձեւի 8-րդ դասընթացքը, որ կը հովանաւորուի Օղակի բարեկամ Տիկին Սիլվա Մինասեանի կողմէն։
Օղակի հիմնադրման առաջին օրէն իսկ կար ու ձեւի դասընթացքներ կազմակերպուած են Երեւանի, ինչպես նաև Ագարակ եւ Դրախտիկ գիւղերուն մէջ։ Այս դասընթացքներուն մասնակցած են աւելի քան 100 շահառու կիներ, որոնցմէ շատերուն համար այս դասընթացքը խթան հանդիսացած է նոր հորիզոններ բանալու եւ աշխատանքային առիթներ ստեղծելու։ Կար ու ձեւի դասընթացքը կը բաղկանայ 10-12 երկար դասապահերէ եւ կ՛ամփոփուի ցուցահանդէսով, ուր կը ներկայացուին դասընթացքի մասնակիցներուն գործերը։
Շնորհակալ ենք Տիկին Սիլվա Մինասեանին այս կարեւոր աշխատանքը հովանաւորելու համար, դասատու Յասմիկ Պաղտասարեանին՝ իր համբերատար եւ բծախնդիր աշխատանքին համար, իսկ մասնակիցներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։



