Հոկտեմբեր ամսուն դասընթացքները վերսկսան Դրախտիկ գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Այս կիսամեակին ծրագրուած են փոքրերու նկարչական դասեր, անգլերէն լեզուի եւ Անհատական աճի դասընթացքներ։ Կը նախատեսուի նաեւ Սվազի ասեղնագործութեան դասընթացքներ։ Շնորհակալ ենք դպրոցի տնօրէնութեան՝ Տիկին Նազիկ Բաբաքիոխեանին, իր համագործակցութեան եւ քաջալերանքին համար։