Նոր տարուան շէմին Օղակ ՀԿ-ն նախաձեռնեց նուէրներու բաշխում՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ այլ անապահով ընտանիքներու եւ տարեցներու համար։ Շուրջ 75 ընտանիքներ, 200 փոքրիկներ եւ 10 տարեցներ ստացան նուէրներ։
Շնորհակալութիւն Օղակի բոլոր նուիրատուներուն՝ այս նախաձեռնութիւնը կարելի դարձնելու համար։