Homeland development Initiative Foundation-ի հետ գործակցաբար, «Օղակ» Հկ-ի ձեռարուեստի խումբը յաջողեցաւ իրականացնել բարձի երկու նոր տեսականի, Սվազի եւ Այնթէպի ազգային ասեղնագործութեամբ։ Ձեր տուներուն մէջ, այս նոր բարձերը՝ հանգստաւէտութեան եւ գեղեցկութեան աղբիւր մը ըլլալու կողքին, ազգային մշակութային ժառանգութեան արուեստի կտորներ են, ինչպէս նաեւ կ՚ապահովեն պատմամշակութային արժէքներու շարունակականութիւնը՝ յաջորդող սերունդներու մօտ։ Քաջալերեցէ՛ք մեր մասնագէտները եւ ձեր սիրելիներուն նուիրեցէ՛ք այս արուեստի գլուխ գործոցները։