Դեկտեմբեր 2023-ի ընթացքին Օղակ ՀԿ-ն կազմակերպեց իր արդէն աւանդական դարձած տօնակատարութիւններն ու նուէրներու բաշխումը։
Դեկտեմբեր 14, 15, 18 եւ 19-ին ամանորեայ հանդիպումներ, միջոցառումներ, խաղեր եւ նուէրներու բաշխում տեղի ունեցան յաջորդաբար Ագարակ եւ Դրախտիկ գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Նորք- Մարաշի մէջ։ Բոլոր միջոցառումները անցան ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Շնորհակալ ենք մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց առատաձեռնութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ կազմակերպել այս տօնական օրերը։




