Օղակ ՀԿ-ի Ձեռային աշխատանքի խմբակը ամանորեայ իր շատ յաջող ցուցահանդէսէն ետք, 17 յունուար 2024-ին վերսկսաւ իր աշխատանքները։ Խմբակը, որ կը գործէ արդէն ութ տարիէ ի վեր, տարին սկսաւ Սուրբ Սարգիսի, Մարտ 8-ի եւ Սուրբ Զատկուան տօներուն հետ կապուած երկար ուսումնասիրութիւններով եւ նոր աշխատանքներու փորձերով։
Այսպիսով, արտադրուեցան 3 նոր ձեռային զարդեր եւ օգտագործելի իրեր, որոնք մատչելի են, գեղեցիկ եւ յարմար՝ բոլոր պիւտճէներուն։ Եթէ կ՛ուզէք ուրախացնել ձեր շրջապատը եւ քաջալերել մեր աշխատանքները, սիրով կը սպասենք ձեր պատուէրներուն։






