Օղակ ՀԿ-ի գործունէութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն Անհատական աճի դասընթացքները, որոնք, տարիներու ընթացքին բարեփոխումներու ենթարկուելով, այսօր աւելի քան երբեք մօտ են դրական հոգեբանութեան։
Դրական Հոգեբանութեան ընդմէջէն անհատը կը ծանօթանայ տարբեր մտածելակերպերու, մարդուն աճին ու զարգացման համար այնքան կարեւոր դրական յոյզերու, ինքնաճանաչման հետ կապուած մարդուն կարողութիւններուն, զօրութիւններուն եւ առաքինութիւններուն, ոգեշնչող աշխատանքի մէջ ներգրաւուած ըլլալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ ձեռքբերումներու եւ դրական յարաբերութիւններու կարեւորութեան։ Այս ծիրին մէջ կը քննարկուին նաեւ դիմադրողականութեան համար անհրաժեշտ պաշտպանողական գործօնները եւ ստեղծագործական ու քննական մտքի յատկանիշերը։
Անհատական Աճի դասընթացքները տեղի կ՛ունենան Նորք-Մարաշի, Դրախտիկի (Գեղարգունիք մարզ), եւ Ագարակի (Արագածոտն մարզ) մէջ, շաբաթական կանոնաւոր հանդիպումներով։