7-15 ապրիլ 2024-ին, Օղակ կազմակերպեց կրծքագեղձի հետազօտման 8-րդ արշաւը, որուն մասնակցեցան 113 կիներ։ Արշաւի նախօրեակին՝ ուրբաթ 5 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Օղակի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ բացատրողական դասախօսութիւն մը կրծքագեղձի հետազօտման մասին։ Ներկայ էին աւելի քան 50 նոր մասնակիցներ Հայաստանի տարբեր մարզերէն, ինչպէս նաեւ բռնագաղթուած Արցախցիներ։ Դասախօսն էր Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոնի տնօրէնուհի Տիկին Խաչանուշ Յակոբեան, որ մանրամասնութեամբ բացատրեց հետազօտման ընթացքը եւ հետագայ գործողութիւնները։ Օղակի տնօրէնութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն, որոնք մասնակցեցան կրծքագեղձի հետազօտման 8-րդ արշաւի իրականացման աշխատանքներուն։
Շնորհիւ Օղակի սփիւռքահայ բարեկամներուն, այս տարի եւս յաջողեցանք իրականացնել այս կարեւոր ծրագիրը եւ ուրախ ենք, որ մեր բոլոր մասնակիցները առողջ են եւ նախանձախնդիր են առողջ մնալու՝ կանխարգիլման եւ շուտ յայտնաբերման մօտեցումին որդեգրումով։
Մենք մեր յաջողութիւնը կը համարենք ո՛չ միայն արշաւին իրականցումը, այլեւ՝ կանխարգիլման մշակոյթի տարածումը մեր հայրենիքի մէջ։ Բոլորին կը մաղթենք առողջութիւն։