Օղակ ՀԿ-ն ունի աշխատանիստերու ծրագիր։ Դառնալով հովանաւոր՝ կրնաք օգտակար ըլլալ մեր աշխատանքներուն:
Մասնագիտական աշխատանիստերը կը կազմակերպուին ծնողական, մանկավարժութեան, անհատական աճի, հոգեբանական աջակցութեան, ապագայ մայրերու պատրաստութեան ոլորտներէն ներս: Իւրաքանչիւր աշխատանիստի գործադրութեան ծախսը 3,000 ամերիկեան տոլար է: Ըստ ձեր փափաքին, դուք կրնաք հոգալ աշխատանիստի մը ամբողջական կամ մասնակի ծախսերը:
Վերա Սիսեռեան (Անձնային աճի դասընթացքներ) եւ Նայիրի Շորճեան (Հոգեբանական դասընթացքներ)
Անձնային աճի եւ հոգեբանութեան դասընթացքները տարիներու ընթացքին կազմուած եւ բարեփոխուած նիւթեր են, որոնք կ’ընդգրկեն տարբեր մտածելակերպերու, ինքնաճանաչման, քննական մտքի, ստեղագործական մտքի, դիմադրողականութեան, հոգեբանական հարցերու վելուծման հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւն: Դասերը շաբաթական մէկ պահ են եւ կ’երկարին ամբողջ տարեշրջանին վրայ:
Օղակը իր աշխատանքները կը կազմակերպէ այնպէս որ ապահովուի հայ կնոջ ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութեան։ Այս իրականացնելու համար կը կազմակերպուին առողջապահական դասընթացքներ, դասախօսութիւններ եւ կրծքագեղձի հետազօտման արշաւներ
Աշխէն Գաբուճեան
Ամբողջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին առողջապահական դասախօսութիւններ, կը հրաւիրուին մասնագէտ բժիշկներ։ Մասնակիցները դրական մթնոլորտի մէջ դասախօսին հետ կը քննարկեն զիրենք հետաքրքրող հարցերը:
2016-էն սկսեալ Օղակի կազմակերպութեամբ եւ Հայ-Ամերիկեան Առողջապահական Կեդրոնի հետ գործակցաբար ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ կրծքագեղձի հետազօտման արշաւ: Իւրաքանչիւր տարի նախորդ տարուան մասնակիցները եւ նոր մասնակիցներ կ’ենթարկուին հետազօտման. 2022-ի դրութեամբ հետազօտուողներուն թիւը շուրջ 150 է: Օղակ նաեւ կը հետեւի հետազօտութիւններու արդիւնքներուն եւ կը դիմէ անհրաժեշտ միջոցառումներու՝ յաւելեալ հետազօտման կամ դարմանումի անհրաժեշտութեան պարագային: Այս բոլորը կարելի կը դառնայ շնորհիւ մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներու նուիրատուութիւններուն: Դուք եւս կրնաք դառնալ նուիրատու՝ նուիրաբերելով 50 ԱՄՆ Տոլար եւ փրկելով հայ կնոջ մը կեանքը:
2018-ի սեպտեմբերին բժիշկ Անուշիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ ապագայ մայրերու ուղղուած յատուկ դասընթացքը, որուն ընթացքին մասնակիցները ստացան յղութեան հետ կապուած ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութեան մասին կարեւոր գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ ծանօթացան մարզանքի ու եոկայի տարբեր ձեւերու:
Օղակ կը կազմակերպէ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան հետ կապուած մասնագիտական դասընթացքներ:
Ծնողավարութեան հետ կապուած դասընթացքներ ցարդ կազմակերպուած են Երեւանի Նորք-Մարաշի եւ Աջափնեակի վարչական շրջաններուն մէջ, Իջեւանի Գանձաքար գիւղի, Գեղարգունիքի Դրախտիկ գիւղի ինչպէս նաեւ Արագածոտն մարզի Թալինի շրջանին մէջ:
«Հոգեբանական առաջին օգնութեան» (PFA) դասընթացքներ կազմակերպուած են երեք փուլերով: Իւրաքանչիւր տարի հոգեբանական առաջին օգնութեան դասընթացքներուն մասնակիցները կը հետեւին վերապատրաստման ծրագիրներու:
PFA-ի դասընթացքրերը մասնակցողին կը փոխանցեն գիտելիքներ աղէտներու պարագային, ինչպէս ճիշդ ձեւով կազմակերպել հոգեբանական առաջին օգնութիւն։
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։