Շնորհիւ «Օղակ» Հկ-ի բարեկամներուն, այս տարի եւս կարելի եղաւ կազմակերպել կրծքագեղձի հետազօտման արշաւ։ Այս արշաւը, որուն մասնակցեցան 101 անդամներ, մեծ նշանակութիւն ունի քանի մը պատճառներներով, որոնցմէ առաջինը առողջապահական է, երկրորդը՝ այս ծիրէն ներս հետաքրքրութեան ստեղծումը եւ նոր գիտելիքներու ամբարումը եւ երրորդ՝ կանխարգիլման հասկացութեան մշակոյթի ծաւալումը։ Շնորհակալ ենք մեր աշխատանքին հաւատացող մեր բարեկամներուն եւ վարձքը կատար բոլորին։
Օղակ ՀԿ
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։
