Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2026-ին, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշ կեդրոնին մէջ, Նեարդաբան-հոգեբուժ բժշկուհի Լուսինէ վարդանեան ներկայացուց հետաքրքրական դասախօսութիւն մը՝ մտային առողջութեան հետ կապուած հարցերու մասին, ինչպէս նաեւ մանրամասն բացատրեց նեարդաբանի եւ հոգեբուժի տարբերութիւնները, դեղերու ճիշդ օգտագործման կանոնները եւ անոնց ազդեցութիւնը ։ Բժշկուհին սպառիչ կերպով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Այս դասախօսութիւնը՝ բժշկուհիին հետ ծանօթութեան ութ տարիներուն, առաջինն էր որպէս անհատական դասախօսութիւն։ Այդ մաս կը կազմէ «Հոգեբանական առաջին օգնութեան» դասընթացքներու շարքին, որ կը կազմակերպուի «Օղակ»-ի կողմէ 2020 թուականէն սկսեալ։
Շնորհակալութիւն բժշկուհիին բարդ տեղեկութիւնները հասանելի բացատրութեամբ մատուցելու համար։



