Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու նուէրներու բաշխում
Նոր տարուան շէմին Օղակ ՀԿ-ն նախաձեռնեց նուէրներու բաշխում՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ այլ անապահով ընտանիքներու եւ տարեցներու համար։
Նոր տարուան շէմին Օղակ ՀԿ-ն նախաձեռնեց նուէրներու բաշխում՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ այլ անապահով ընտանիքներու եւ տարեցներու համար։
Դեկտեմբեր 2023-ի ընթացքին Օղակ ՀԿ-ն կազմակերպեց իր արդէն աւանդական դարձած տօնակատարութիւններն ու նուէրներու բաշխումը։
Օղակ ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ 2023-ի Դեկտեմբեր 12-ին տեղի ունեցաւ Օղակի ձեռարուեստի խումբի տարեկան ամանորեայ ցուցահանդէս-վաճառքը, որուն բացման հանդիսութեան ներկայ էին Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թաղապետ Միքայէլ Օհանեան, ինչպէս նաեւ համայնքի թիւ 26 դպրոցի տնօրէն Թեհիմինէ Արմէնակեանը։
Շաբաթ 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, Օղակ ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ, […]
Օղակ ՀԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ֆինանսական խորհրդատու Աննա Պրիւնոյի հետ հանդիպում մը ֆինանսական ու դրամական հարցերու առումով ճիշդ կողմնորոշուելու մասին։
Օղակի մասնակցած հանդիպումին հիմնական նպատակն էր քննարկել Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն հետ կապուած կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրները:
Ամառային ընդմիջումէն ետք, 2023-2024 տարեշրջանի համար «Օղակ»ի դասընթացքներուն հետ կապուած աշխատանքները վերսկսան Սեպտեմբեր 4-ին:
26 Մարտ եւ 1 Ապրիլ 2023-ին, Արագածոտնի Թալին քաղաքի Մելանքթոն Արսլանեան Առաջին դպրոցին մէջ Օղակ կազմակերպեց «Կիներու հզօրացում» խորագրով հանդիպում-արհեստանոց մը։
Գեղարգունիք մարզի Դրախտիկ գիւղին մէջ Օղակի կազմակերպած դասընթացքները ամփոփուեցան տօնական մթնոլորտի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսով մը։
Ագարակի մէջ կազմակերպուած դիմայարդարման դասընթացքը իրականացուց Օղակի կամաւորներէն Տիկին Նոնա Եղիազարեան։ Դասընթացքին 30 մասնակիցները ստացան հաւաստագրեր։
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։