Ապրիլ 28-ին եւ մայիս 2-ին, «Օղակ» ՀԿ-ի կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թաղապետարանին, կազմակերպուեցաւ աշխատանիստ՝ Նորք-Մարաշի մանկապարտէզներու տնօրէններուն եւ աշխատակազմին համար։ Աշխատանիստի նիւթը Bullying-ն էր։ Ներկաները իրենց աշխուժ մասնակցութեամբ ներկայացուցին կարեւոր հարցեր եւ շեշտեցին նոր աշխատանիստեր կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։
Օղակ ՀԿ
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։







