Արդէն լոյս տեսաւ «Օղակ»-ի 2025-2026 -ի catalogue-ը։ Այս տարուան հաւաքածոն ունի 8 բաժանումներ՝ կաղանդի եւ զատկուան յատուկ իրեր, անձնական եւ տան համար անհրաժեշտ իրեր, պայուսակներ, բարձեր եւ անձեռոցներ ու ազգային ասեղնագործութիւն։ Կան շուրջ 90 նորութիւններ , բոլորը պատրաստուած մեծ սիրով եւ յարատեւ աշխատանքով։ Նախատեսուած են երկու ցուցահանդէս, երկու յաջորդական շաբաթներու ընթացքին, 13 եւ 20 դեկտեմբերին. մէկը՝ Երեւանի, իսկ միւսը՝ Պէյրութի մէջ։ Սիրով կը սպասենք մեր բարեկամներուն եւ «Օղակ»-ի աշխատանքին հաւատացողներուն, որպէսզի այս գեղեցիկ իրերով զարդարեն իրենց տուները։
Օղակ ՀԿ
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։
