4 Սեպտեմբեր 2025-ին, «Օղակ» ՀԿ-ն վերաբացաւ իր դռները։ Բոլոր խումբերու հետ կազմակերպուեցան հանդիպումներ, թէ՛ դասերու ժամանակացոյցը յստակացնելու եւ թէ՛«Օղակ» ՀԿ-ի տասնամեակի նշումներու գծով տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Այս տարեշրջանին առաջին կիսամեակին «Օղակ» ՀԿ-էն ներս պիտի գործեն անգլերէն լեզուի 5 խմբակներ, անհատական աճի խմբակ, հոգեբանութեան, մարմնամարզութեան, եոկայի, ձեռային աշխատանքի եւ փոքրերու պարի, իսկ Դրախտիկի մէջ՝ անհատական աճի եւ անգլերէն լեզուի խմբակներ։ Դժբախտաբար, Ագարակի խումբերը այս շրջանին կամքէ անկախ պատճառներով պիտի դադրին, բայց այնտեղ նախատեսուած են Նոր Տարուան միջոցառումներ։ Խումբերու աշխատանքներուն պիտի մասնակցին աւելի քան 200 անդամներ, որոնցմէ 30-ը նորեկներ են։ Ուրախ ենք, որ այս շրջանին մեզի միացան Երեւանի տարբեր վարչական շրջաններէն շահառուներ։


