Շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2025-ին, «Օղակ» ՀԿ-ի Նորք-Մարաշի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ձեռարուեստի խումբի տարեկան 13-րդ ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուեցան ազգային ասեղնագործութեան արուեստի նմուշներ եւ տարբեր իրեր։ Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թաղապետարանի աշխատակազմը, «Օղակ» ՀԿ-ի հովանաւորներ եւ անդամներ՝ Երեւանէն եւ մարզերէն։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին ազգային ասեղնագործութեան մասին տեղեկութիւններ եւ ծանօթացան Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի, Սվազի, Վանի եւ Վասպուրականի կարատեսակներուն եւ նախշերուն։
«Օղակ»-ի այս տարուան երկրորդ ցուցահանդէսը կայացաւ Լիբանանի մէջ, շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2025-ին, ուր մեծ ընդունելութիւն գտան ձեռային այս գեղեցիկ գոհարները՝ պատրաստուած մեծ սիրով եւ հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով։
Շնորհակալութիւն մեր բոլոր հովանաւորներուն, անդամներուն եւ բարեկամներուն, եւ յատկապէս՝ մեր Ձեռարուեստի խումբի անդամներուն։




