Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Bachelor Science of Nursing մասնագիտութեան երկրորդ տարուան ուսանողները, 5 դեկտեմբեր 2025-ին այցելեցին «Օղակ» եւ ներկայացուցին «Քրոնիկ» հիւանդութիւններու եւ տարբեր պատուաստումներու մասին հետաքրքրական դասախօսութիւն, որուն յաջորդեց գործնական աշխատանքը։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին դասախօսութիւնը եւ առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու ուսանողներուն։ Այս երկրորդ տարին է, որ նոյն մասնագիտութեան հետեւող տարբեր ուսանողներ կ՚այցելեն «Օղակ»՝ իբրեւ իրենց ծրագիրին լրացուցիչ մաս։
Շնորհակալութիւն թէ՛ ուսանողներուն եւ թէ՛ պատասխանատուներուն։




