Օղակ ՀԿ-ն Յուլիս ամսուան ընթացքին եզրափակեց իր տարեշրջանը։ Քննութիւններ, հանդիպումներ, ամառնային դասեր, ինչպէս նաեւ նոր ձեռային աշխատանքներու պատրաստութիւն` դեկտեմբերին նախատեսուած զոյգ ցուցահանդէսներուն համար, առաջինը՝ Երեւանի, իսկ երկրորդը` Պէյրութի մէջ։ Օղակի աշխատանքները կը դադրին օգոստոս ամսուան ընթացքին եւ կը վերսկսին սեպտեմբեր 2-ին։ Բարի ամառնային օրեր բոլորիս։
Օղակ ՀԿ
Օղակ ՀԿ-ն ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, հիմնուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստան, Նոյեմբեր 2015-ին։
Կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի երեք հիմնական արժէքներով. աճ, ինքնակարգապահութիւն եւ ազնուութիւն։
