Յունուար-Փետրուար ամիսներուն համար «Օղակ» ՀԿ-ը նախատեսած է երեք նոր դասընթացքներ, որոնք պիտի երկարին մինչեւ մարտ՝ շաբաթական մէկ կամ երկու հանդիպումներով։
- Ուրֆայի ասեղնագործութեան դասընթացք. դասատու՝ Հերիքնազ Ներսիսեան, որ երկար փորձառութիւն ունի ասեղնագործութիւններու ոլորտէն ներս։
- Խօսակցական արաբերէնի դասընթացք. դասատու՝ Փասքալ Ասատուրեան։
- Microsoft Excel-ի դասընթացք. դասախօս՝ Ռոստոմ Մարգարեան։
Այս դասընթացքները կազմակերպուած են անդամներու պահանջքին հիման վրայ։
Յաջողութիւն բոլոր մասնակիցներուն։
«Օղակ» ՀԿ-ի առաքելութիւններէն է անհատները oժտել տարբեր հմտութիւններով, որպէսզի անոնք զգան ուժեղ, ձեռներեց եւ յաջողակ իրենց կեանքին մէջ։



