«Օղակ» Հկ-ի ընթացիկ աշխատանքներու ծիրին մէջ, մարտ ամսուան սկիզբը ընթացք կ՚առնէ դասընթացքներու շարք մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս-յուլիս ամիսները։
Այսպէս, «Օղակ»ՀԿ-ի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի կեդրոնին մէջ շաբաթական դրութեամբ պիտի կատարուին հետեւեալ դասընթացքները. երկու պահ՝ եոկա, հինգ՝ անգլերէն լեզու, մէկ՝ մարզանք, երկու՝ Անհատական աճ, մէկ՝ հոգեբանական, մէկ՝ մանկական պարի, ինչպէս նաեւ երկու պահ՝ ձեռային աշխատանքի եւ Ուրֆայի ասեղնագործութեան դաս։ Միաժամանակ, Դրախտիկի մէջ նախատեսուած է աշխատանիստ՝ դպրոցի ուսուցիչներուն համար, իսկ անգլերէն լեզուի ու Անհատական աճի յատուկ դասընթացքներ՝ գիւղի բնակիչներուն համար։
Աւելցնենք նաեւ, որ մարտ ամսուան աւարտին նախատեսուած է նաեւ Զատկուան յատուկ ուտելիքներու եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառք։


