Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս «Օղակ» հկ-էն ներս, 7-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Չի քունկ»-ի դասընթացք։ Այս դասընթացքը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ Գանատահայ մեր բարեկամուհիին՝ Տիկին Սիլվիա Գասպարեանին, որ ամէն տարի Հայաստան այցելութեան ընթացքին, սիրայօժար մեր անդամներուն կը դասաւանդէ այս իւրայատուկ մարզաձեւը։ «Չի քունկ«-ը չինական ակունքներ ունեցող մարզաձեւ է, որ մարմնի ճիշդ դիրքին եւ շարժումներուն միջեւ համակարգումով, ճիշդ շնչառութեամբ եւ meditation-ով կը նպաստէ, որ մարդ ձեռք բերէ առողջ միտք ու առողջ մարմին։
Շնորհակալ ենք Տիկին Գասպարեանին` իր նուիրումին եւ «Օղակ»-ի աշխատանքներուն օգտակար հանդիսանալուն համար։

