Անցնող տասը տարիները «Օղակ» ՀԿ-ի համար եղան ոչ միայն աշխատանքային բեղուն տարիներ, այլ նաեւ ծաղկումի ու աճի հետաքրքրական տարիներ՝ անդամներուն եւ անոնց ճամբով՝ կազմակերպութեան համար։
Եթէ ակնարկ մը նետենք «Օղակ»-ի գործունէութեան վրայ եւ փորձենք ամփոփել զայն, կարելի է հաստատել, որ «Օղակ»-ը փոքր, սակայն հաստատ քայլերով այս տասը տարիներու ընթացքին իրականացուց եւ կը փորձէ իրականացնել իր նպատակը, որն է հզօրացնել հայ կինը՝ ապահովելով անոր ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթներ ստեղծել, որ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրար հետ կապ հաստատեն, օգնեն իրարու, ճանչնան, փնտռեն եւ սիրեն զիրար։
Ուրախ ենք, որ «Օղակ»-ը անցնող տարիներուն, կարողացաւ նպաստել Հայաստանի մէջ ընկերութեան յառաջընթացին, այս ոլորտէն ներս նորարար, ժամանակակից գիտութեան միջոցներուն հաղորդակից դարձնելով թէ՛ անհատները եւ թէ՛ տարբեր հիմնարկներ։
Յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուած են տարբեր միջոցառումներ՝ վկայութիւններ «Օղակ»-ի դասերուն մասնակից անդամներուն կողմէ գրուած կամ արձանագրուած, «Օղակ»-ի տասը տարուան գործունէութեան տեսերիզի եւ գրքոյկի հրապարակում ու եզրափակիչ ձեռնարկ, որ պիտի ունենայ գործնական եւ պաշտօնական բաժին։
Եթէ այսօր հետադարձ ակնարկ մը նետենք անցնող տասը տարիներուն վրայ, եթէ կարդանք գրուած ու ձայնագրուած վկայութիւնները թէ՛ անդամներուն եւ թէ՛ «Օղակ» ՀԿ-ի հետ առնչուած մասնագէտներու, կրնանք հաստատել, որ «Օղակ» ՀԿ-ն ունի իր չափէն անհամեմատ աւելի ծաւալուն, որակաւոր, ազգանուէր աշխատանքային պատմութիւն մը, որ պարտաւորեցնող է յառաջիկայ տարիներուն համար։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այս տասը տարիներուն ընթացքին օգնեցին «Օղակ»-ի գործունէութեան ծաւալման։ Յատուկ շնորհակալութիւն Հրաչ եւ Էլիզապեթ Սիսեռեաններուն՝ իրենց անսակարկ օժանդակութեան համար։
